2015-01-09 12:29:54

Կոտորած Նիճերիոյ մէջ` Պոքօ Հարամ ծայրայեղական կազմակերպութիւնը 2000 մարդ կը սպանէ։


(Ռատիօ Վատիկան) Մինչ համայն աշխարհի աչքերը սեւեռած են Փարիզի մէջ` անցեալ 7 յունուարն տեղի ունեցած ահաբեկչական ոճիրին վրայ, Պոքօ Հարամ իսլամական ծայրայեղական կազմակերպութիւնը Նիճերիոյ Պորնօ պետութեան մէջ, ահաբեկչական 16 յարձակումներու ընթացքին. գործուած համապատասխան 16 գիւղերու վրայ, սպանեց աւելի քան 2000 անհատ։ Խմբակը առ այժմ տիրացած է հողամասին 70 առ հարիւրին վրայ։
Երկրին նախագահ` Փօլ Պիյան կոչ մը ուղղած է միջազգային հասարակութեան խնդրելով օգնութեան հասնիլ վերջ տալու Պոքօ Հարամի ոճրագործութիւններուն. ''Ընդհանուր սպառնալիքի մը դիմաց անհրաժեշտ է համընդհանուր պատասխան'' ըսած է Պիյա նախագահը իր ուղղած կոչին մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.